Ֆրեզնոյի Մէջ Խաղաղ Ցոյցի Ընթացքին Հայերը Յարձակման Ենթարկուած Են․ Երկու Հայ Դանակահարուած Է (տեսանիւթ)

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Ֆրեզնոյի մէջ խաղաղ ցոյցի ընթացքին հայերը ենթարկուած են յարձակման: Երկու հայ դանակահարուած է: Ոստիկանութիւնը հետաքննութիւն սկսած է: Ասիկա առաջին դէպքը չէ, երբ Ազրպէյճանն ու Թուրքիան պատերազմը սահմանէն կը տեղափոխեն երրորդ երկիրներու տարածք եւ կը սկսին սադրիչ գործողութիւններու արշաւ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Սփիւռքի հարցերով գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը։