Լիբանանի Մէջ Դաշնակցական Երիտասարդական-Ուսանողական Ցոյց` Թուրք-Ազրպէյճանական Յարձակողապաշտութեան Դէմ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան եւ Զաւարեան ուսանողական միութեան երէկ` Երկուշաբթի, 26 Հոկտեմբեր 2020-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, տեղի ունեցաւ հակաթրքական ցոյց մը` Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան դիմաց: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ազդակ»-էն

Ցոյցին ներկայ էին շուրջ 200 երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, որոնք յեղափոխական երգերով եւ զանազան տեսակի հակաթրքական կարգախօսներ արձակելով բողոքեցին դեսպանատան առջեւ: Բողոքի ցոյցին հիմնական նպատակն էր լուսարձակի տակ առնել Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջամտութիւնը Արցախի վրայ Ազրպէյճանի շղթայազերծած վերջին յարձակումներուն: Ցուցարարները շեշտեցին Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի անմարդկային արարքները` ընդգծելով անմեղ ժողովուրդի մարդկային իրաւունքներու ոտնակոխումը: Բողոքի ցոյցին ընթացքին դաշնակցական երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու անդամները զանազան կոչերով եւ կարգախօսներով իրենց բողոքը արտայայտեցին թուրք-ազրպէյճանական յարձակողապաշտութեան դէմ:

Բողոքի ցոյցին ընթացքին ցուցարարները հրկիզեցին Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի եւ Իսրայէլի դրօշները: