Մնացականեանը Լաւրովի Հետ Հանդիպման Ընթացքին Ընդգծած է Կայուն Հրադադարի Անհրաժեշտութիւնը

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարարութիւնը մանրամասներ ներկայացուցած է Մոսկուայի մէջ ՀՀ ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեանի եւ ՌԴ ԱԳ նախարար Սերգէյ Լաւրովի հանդիպման վերաբերեալ: ՀՀ ԱԳՆ հաղորդագրութիւն տարածած է Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման վերաբերեալ:

«Իբրեւ շարունակութիւն ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինի՝ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու հետ ունեցած հեռախօսազրոյցներուն եւ ԼՂ հակամարտութեան գօտիին վրայ ռազմական գործողութիւններու դադրեցման ուղղուած Ռուսիոյ միջնորդութեամբ տարուող աշխատանքներու՝ Հոկտեմբեր 21-ին, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՀ ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեանի հանդիպումը ՌԴ ԱԳ նախարար Սերգէյ Լաւրովի հետ:

Հանդիպման ժամանակ օրակարգի վրայ էին ԼՂ համակարտութեան գօտիին վրայ իրադրութեան եւ կրակի դադրեցման համաձայնութիւններու կատարման հարցերը։

Բարձր գնահատելով Ռուսիոյ եւ նախագահ Փութինի անմիջական ջանքերը կրակի դադրեցման վերաբերեալ համաձայնութիւններու ձեռքբերման գործին մէջ` Նախարար Մնացականեան փաստեց, որ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները կը մնան թուղթի վրայ Ազրպէյճանի ուխտադրուժ կեցուածքին եւ իրավիճակի ապակայունացման միտուած քայլերուն հետեւանքով։

Վերահաստատելով Հայաստանի հաւատարմութիւնը կրակի դադրեցման շուրջ Հոկտեմբեր 10-ի Մոսկովեան համատեղ յայտարարութեամբ եւ Հոկտեմբեր 17-ի յայտարարութեամբ ստանձնած յանձնառութիւններուն՝ նախարար Մնացականեան, իբրեւ առաջնահերթ նպատակ, ընդգծեց վաւերական մեքենականութիւններով պահպանուող կայուն հրադադարի հաստատումը»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: