Սփիւռքի Նախարարը Գահիրէի Մէջ Մասնակցեցաւ Եգիպտահայերու Մեծարման Նուիրուած Ձեռնարկին

Հայաստան, Սփիւռք

Սեպտեմբեր 26-ին Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան Գահիրէի պետական թատրոնին մէջ մասնակցեցաւ Եգիպտոսի ներգաղթի եւ եգիպտացի արտագաղթածներու նախարար Նապիլա Մաքրամի անմիջական աջակցութեամբ նախաձեռնուած` հայկական սփիւռքի ամենահին համայնքներէն մէկուն` եգիպտահայերու մեծարման նուիրուած ձեռնարկին: Նախարար Նապիլա Մաքրամը եւս ներկայ էր երեկոյթին: Ձեռնարկին կը մասնակցէին նաեւ դեսպաններ, հիւպատոսներ, եգիպտացի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, հոգեւոր, հասարակական ու մշակութային գործիչներ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, կը հաղորդէ “Հայերն այսօր”-ը:

Ողջունելով ներկաները` նախարար Հայրապետեան բարձր գնահատեց նման բացառիկ ձեռնարկի կազմակերպումը: «Կը կարծեմ` ասիկա վկայութիւնն է այն բանին, որ հայերը որ երկրի մէջ բնակութիւն  հաստատած են, փորձած են իրենց ներդրումն ունենալ տուեալ երկրի զարգացման գործին մէջ: Եգիպտոսը, նոյնպէս, բացառութիւն չէ: Համոզուած եմ` եգիպտական կողմի նման նախաձեռնութիւնը մեծ ոգեւորութիւն կ’առաջացնէ հայ համայնքին մէջ եւ աւելի կը ջերմացնէ Հայաստան-Եգիպտոս բարեկամութիւնը»,-նշեց ան:

Նախարարը ընդգծեց նաեւ, որ հայերու համար Եգիպտոսն այն երկիրն է, որ առաջիններէն էր, որ իր դռները բացաւ հայ ժողովուրդի հայրենազրկուած զաւակներուն առջեւ: «Մենք երբեք չենք մոռնար ատիկա: Այդ հայերու սերունդները, ըլլալով ձեր երկրի լիիրաւ քաղաքացիներ, միաժամանակ օժտուած են իրենց ազգային ինքնութիւնը, լեզուն, կրօնը եւ աւանդոյթները պահպանելու համար բոլոր անհրաժեշտ միջոցներով: Անոնք մեր երկու բարեկամ երկիրներուն իրար շաղկապող կարեւորագոյն օղակներէն են: Դարերու ընթացքին հայերը շարունակաբար իրենց աւանդը  ունեցած են Եգիպտոսի զարգացման գործին մէջ: Եգիպտահայ համայնքը մշտապէս վայելած է Եգիպտոս պետութեան եւ եգիպտացիներու յարգանքը»,-ընդգծեց ան:

Մխիթար Հայրապետեան անդրադարձաւ նաեւ հայաստանեան թաւշեայ յեղափոխութեան, ներկայացուց յետյեղափոխական Հայաստանի տեսլականը: «Վստահ եմ, որ բոլորդ հետեւած էք Հայաստանի մէջ իրականացուած թաւշեայ, ոչ բռնի, սիրոյ ու համերաշխութեան յեղափոխութեան: Այսօր մենք ունինք ժողովրդավարութեան ուղիով քալող, մարդուն եւ օրէնքի գերակայութիւնը բարձրագոյն արժէք հռչակած պետութիւն, որուն ղեկավարութիւնը կը փորձէ ընել իր լաւագոյնը` իւրաքանչիւր բնակիչի համար: Այս բարեփոխումներու ճանապարհին սփիւռքը դարձեալ կանգնեցաւ մեր թիկունքին: Սակայն սիրելինե՛րս, ըսած եմ ու դարձեալ կ´ըսեմ` այսուհետեւ Հայաստան եւս ձեր կողքին է, ձեր թիկունքին, այսուհետեւ մենք եւս պիտի փորձենք ձեզի համար ընել հնարաւոր լաւագոյնը: Մենք ըրինք մեր քայլը: Սակայն մեր քայլով մենք բացինք ճանապարհը, ուրկէ ամէն օր պիտի քալենք: Եւ ի՞նչ պիտի ըլլայ այդ քայլերու յաջորդականութիւնը: Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան մէջ, ես կը կարծեմ, առաջին քայլը լիակատար փոխճանաչութեան քայլն է: Ի վերջոյ, սփիւռքի հետ միասին մենք հաւատացած ենք, որ կրնանք փոխել իրականութիւնը, որ կրնանք ընել գրեթէ անհնարինը, որ կրնանք պայքարիլ ու ըսել ո՛չ կաշառակերութեան, ո՛չ ամենաթողութեան, ո՛չ անօրինականութեան, ո՛չ թալանին, ո՛չ սփիւռքը որպէս բանկոմատ ընկալելու տրամաբանութեան»,-նշեց ան:

Հայրապետեան նաեւ շեշտեց, որ այսօր սփիւռքի ու Հայաստանի երազանքները կը համընկնին` ունենալ հզօր հայրենիք, համախմբուած համահայկական ներուժ ու իրեն հայ համարող, հայ զգացող սփիւռք: «Ու այս երազանքերն իրականութիւն կը դառնան, եթէ մենք ուղիղ նայինք իրար աչքերու մէջ, նայինք անկեղծ` ընդհանուր օրակարգով, միասնական հայեացքներով ու առողջ քննադատութեամբ: Եկէք ապացուցենք, որ հզօր Հայաստան, միասնական սփիւռք բանաձեւը զուտ հերթապահ ձեւակերպում չէ: Եւ ուրեմն` կեցցէ՜ Հայաստանը, կեցցէ՜ սփիւռքը, կեցցե՜նք մենք, որ կ´ապրինք բոլորովին այլ իրականութեան մէջ»,-իր խօսքն ամփոփեց ՀՀ սփիւռքի նախարարը:

Երեկոյի ընթացքին հայկական եւ եգիպտական ժողովրդական կատարումներով հանդէս եկան Գահիրէի «Արաքս» երգչախումբը, «Սարդարապատ» եւ «Զանգեզուր» պարախումբերը: