Թշնամիին Դիրքը Գրաւած Խումբ Մը Զինուորականներ եւ Աշխահրազօրայիններ Պիտի Պարգեւատրուին

Հայաստան

Պաշտպանութեան բանակի շարք մը զինծառայողներ, գերազանց կերպով համագործակցելով աշխարհազօրայիններու հետ, համատեղ գործողութիւններով ոչնչացուցած են թշնամիին կենդանի ուժ, զէնք-զինամթերք եւ սպառազինութիւն, գրաւած են անոր դիրքը, որմէ ետք ականապատելով բարեյաջող դուրս եկած են տարածքէն:

Այս մասին հաղորդարգրութիւն տարածած է Պաշտպանութեան բանակը ու յայտնած, որ յաջող գործողութիւնը կազմակերպելու եւ իրականացնելու համար մայոր Յովիկ Միրզոյեան, կապիտաններ Արմէն Անդրեան, Շանթ Հայրապետեան, Դաւիթ Հայրապետեան, Կորիւն Սողոմոնեան, աւագ լեյտենանտ Հայկ Յակոբեան, շարքայիններ Սամուէլ Իսախանեան, Ալիկ Շաւերշեան, Սուրէն Խաչատրեան, Նորիկ Խաչատրեան, կրտսեր սերժանտներ Կարէն Պետրոսեան, Անդրանիկ Արամեան ու Ալպերթ Ֆարմանեան, աշխարհազօրայիններ Թելման Գաբրիէլեան, Սեյրան Աւագիմեան, Վարուժան Մանասեան, Էրիկ Աղաջանեան եւ պահեստազօրի գնդապետ Մանուէլ Գրիգորեան պիտի պարգեւատրուին «Արիութեան համար» մետալներով:

«Կը շարունակեն պատրաստութեան գերազանց մակարդակ դրսեւորել նաեւ Պաշտպանութեան բանակի հակաօդայինները: Զօրատեսակի ներկայացուցիչներէն կրտսեր սերժանտ Արամ Աբաղեան, կրտսեր սերժանտ Ռոպերտ Սիմոնեան եւ շարքային-պայմանագրային Տիգրան Բաղդասարեան, զգետնելով թշնամական 4 ԱԹՍ, ներկայացուած են «Մարտական ծառայութիւն» մետալներու: Տղաները կը շարունակեն գործել մարտագիծի ամենատարբեր հատուածներու մէջ եւ ամէն օրուան արդիւնքներով բազմապատկել թշնամական կորուստներու քանակը»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: