ԱՄՆ-ն Թուրքիոյ Կոչ Կ՝ընէ Դադրեցնելու Ազրպէյճանը Զինելը

Աշխարհ, Հայաստան

Թուրքիան կը զինէ Ազրպէյճանը՝ հաշուի չառնելով միջազգային խաղացողներուն կոչերը: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, Հոկտեմբեր 14-ին, հեռախօսային ճեպազրոյցի մը ընթացքին ըսած է ԱՄՆ պետական քարտուղար Մայքլ Պոմպէոն՝ պատասխանելով լրագրողի հարցին, թէ ինչ քայլեր կը ձեռնարկէ Թրամփի վարչակազմը՝ կապուած ԼՂ հակամարտութեան գօտիին վրայ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն հետ:

«Ես խօսած եմ նախագահ Թրամփի հետ այս մասին առաւօտեան: Մենք կը հետեւինք, թէ այնտեղ ինչ կը կատարուի: Մենք միացած ենք մեր եւրոպական գործընկերներուն եւ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու՝ ըսելով, որ հրադադարը պէտք է ըլլայ խնդիրի լուծման սկիզբը: Մենք կը հետեւինք նաեւ քաղաքացիական զոհերու մասին տեղեկութիւններուն: Կը հետեւինք Թուրքիոյ, որ կը զինէ Ազրպէյճանը՝ հաշուի չառնելով բոլոր միջազգային խաղացողներուն կոչերը՝ չզօրացնելու այս խառնաշփոթը եւ դուրս գալու տարածաշրջանէն: Մենք կ՝օգտագործենք մեր դիւանագիտական գործիքակազմը հրադադարի հասնելու եւ լուծման գալու համար, որ հիմնուած պիտի ըլլայ միջազգային իրաւունքին վրայ: Մենք մեծ ուշադրութիւն կը դարձնենք ատոր: Կը կարծեմ, որ մեր ջանքերը, որ մինչեւ օրս ներդրած ենք, հնարաւորութիւն պիտի տան, որ այդ ամէնը տեղի ունենան», – ըսած է Պոմպէոն: