ԵՄ-ն Յեղափոխութիւնը Հայաստանի Մէջ Անկախ Արդարադատութեան Համակարգի Կայացման Նոր Հնարաւորութիւն կը Համարէ

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի մէջ յեղափոխութենէն ետք տեղի ունեցածը ԵՄ-ն կը համարէ նոր հնարաւորութեան դուռ մը՝ արդարադատութեան կառոյցներու, անկախ, արդար դատական համակարգ ստեղծելու համար:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ Հայաստանի մէջ ԵՄ պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Պէոտր Սուիտալսքին նման տեսակէտ յայտնած է «ՀՀ արդարադատութեան ոլորտի բարեփոխումներու ծիրէն ներս ՀՀ-ԵՄ ռազմավարական քաղաքականութեան երկխօսութիւն» խորագիրով աշխատաժողովին:

«ԵՄ-ն տարիներ շարունակ կատարած է աւելի քան 50 միլիոն եւրոյի ներդրում՝ նպաստելու, որ Հայաստանի արդարադատութեան համակարգը աւելի արդիւնաւէտ կերպով գործէ: ԵՄ-ն նպաստած է ստեղծելու կամ վերանորոգելու բազմաթիւ դատարաններ: Մեծ ներդրումներ ունեցած ենք Արմաւիրի քրէակատարողական հիմնարկէն ներս: Այսօր, Հայաստանի մէջ, յեղափոխութենէն ետք կը բացուի նոր էջ մը: Տեղի ունեցածը մենք կը համարենք նոր պատուհան մը, նոր հնարաւորութեան դուռ մը հայկական կառոյցներու համար՝ ստեղծելու արդար, անկախ եւ արդիւնաւէտ արդարադատութեան համակարգ»,- ըսած է Սուիտալսքին:

Դեսպանը նշած է, որ իրենք Հայաստանին իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնած են՝ անկախ եւ արդար դատական համակարգի ստեղծման գործին մէջ յաւելեալ ջանքերու, օժանդակութեան համար: Սուիտալսքին նկատած է, որ Հայաստանի կառավարութեան համար դատական համակարգի անկախութիւնը գերակայ ճիւղ է: Ան ատիկա կարեւոր համարած է կառավարութեան՝ իր առջեւ դրած շարք մը առաջնահերթութիւններէն: «Կառավարութիւնը, անշուշտ, եւս նկատած է, որ ամէնուն սկիզբը պէտք է ըլլայ արդարադատութեան համակարգի անկախութիւնը: Վարչապետը անձամբ ըսած է, որ կ՝երդուի՝ երբեք ոչ մէկ դատաւորի զանգ կատարել»,- նկատած է դեսպանը:

ԵՄ փորձագէտները Հայաստան այցին ընթացքին նկատած են, որ պէտք է շարունակել կաշառակերութեան դէմ պայքարը: Ասիկա եւս ՀՀ կառավարութեան առաջնահերթութիւններէն է: Սուիտալսքի նկատած է, որ այստեղ կառավարութեան եւ դատական համակարգի առաջնահերթութիւնները կը համընկնին: Դեսպանը նշած է, որ  դատական համակարգը պէտք է լիովին ազատ ըլլայ կաշառակերութեան ցանկացած տեսակէ: Ատոր համար պէտք է քայլեր ձեռնարկուին: Հարկաւոր են նաեւ կանխարգելիչ քայլեր:

Սուիտալսքի մէկ անգամ եւս վերահաստատած է՝ արդարադատութեան համակարգի զարգացման գործին մէջ Հայաստանին օժանդակելու պատրաստակամութիւնը: