
Ազրպէյճանի Կողմէ Կրակը Դադրեցնելու Պարագային՝ Արցախ Պատրաստ է Անցնելու Մարդասիրական Գործողութիւններու
Արցախի Հանրապետութեան Ռազմագերիներու, պատանդներու եւ անյայտ կորածներու հարցերով զբաղուող պետական յանձնաժողովը սկսած է նախապատրաստական աշխատանքներ` ազրպէյճանական կողմի` կրակմարի պահպանման եւ շփման գիծին վրայ իրավիճակի կայունութեան պարագային` անցնելու փոխադարձ մարդասիրական գործողութիւններու իրականացման:
Յանձնաժողովի յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի․ «Նկատի ունենալով Ռուսիոյ միջնորդութեամբ 2020-ի Հոկտեմբեր 10-ին մարդասիրական նպատակներով` ռազմագերիներու, զոհուած ռազմական ու քաղաքացիական անձերու դիակներու փոխանակման համար ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտին մէջ կրակմարի վերաբերեալ յայտարարութիւնը, ԱՀ Ռազմագերիներու, պատանդներու եւ անյայտ կորածներու հարցերով զբաղող պետական յանձնաժողովը իր պատրաստակամութիւնը կը յայտնէ յայտարարութեան մէջ նշուած մարդասիրական գործողութիւններու իրականացման ուղղութեամբ:
Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան բանակի ղեկավարութեան կողմէ բոլոր ստորաբաժանումներուն հրաման տրուած է 2020 թուականի Հոկտեմբեր 10-ին` ժամը` 12:00-ին դադրեցնելու ռազմական գործողութիւնները:
Յանձնաժողովը իր լիազօրութիւններու ծիրէն ներս անցած է նախապատրաստական աշխատանքներու եւ ազրպէյճանական կողմի` կրակմարի խստիւ պահպանման եւ շփման գիծին վրայ իրավիճակի կայունութեան պարագային, պատրաստ է փոխադարձ մարդասիրական գործողութիւններ իրականացնելու»: