Տուն Հայրենի Հողին Վրայ՝ 10-րդ Վիրաւոր Զինուորին

Հայաստան

Սեպտեմբեր 26-ին, Մհեր Առաքելեան՝ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին վիրաւորուած զինուորը, տուն ստացաւ «Թուֆէնքեան» հիմնադրամէն։ Մհերը 10-րդ վիրաւոր եւ հաշմանդամ դարձած զինուորն է, որ տուն կը ստանայ հիմնադրամէն։ Ան վիրաւորուած էր հարաւային ճակատին վրայ, երբ յատուկ ջոկատի իր ընկերներուն հետ ատրպէյճանական ուժերու ներխուժումը կանխելու գացած էր։

Մհեր, որ ամուսնացած է եւ հայր է երկու զաւակներու, վարձով կ’ապրէր Հադրութի մէջ։ Այժմ ան իր սեփական տունը ունեցաւ իր հայրենի գիւղին՝ Կարմիր Շուկայի մէջ։