
Վերադարձուցինք Վարանգաթաղ (Լուլասազ) Բարձունքը. Արծրուն Յովհաննիսեան
Ինչպէս արդէն աւելի վաղ հաղորդած էինք, երէկ օրուան ընթացքին ՊԲ ստորաբաժանումները
շարունակած են
ջախջախիչ հարուածներ հասցնել հակառակորդին` էապէս բարելաւելով դիրքերը: Մասնաւորապէս
երէկ` ժամը 14:00-ի մօտ, ՊԲ յատուկ
նշանակութեան ստորաբաժանման եւ «Կամաւորական
շարժում» ջոկատի
բուռն մասնակցութեամբ,
հիւսիսային ուղղութեամբ կազմակերպուած է հակագրոհ եւ վերադարձուած է Վարանգաթաղ (Լուլասազ) կոչուող բարձունքը:
Ներկայիս մարտական գործողութիւնները
արցախա-ազրպէյճանական հակամարտութեան
գօտիին մէջ կը շարունակուին: