Ազրպէյճանի Կազմալուծուած Զօրամիաւորումները Կորսնցուցած են Իրավիճակի Կառավարումը Եւ Կը Կրակեն Իրարու Վրայ

Uncategorized

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամուլի խօսնակ Վահրամ Պօղոսեան յայտնեց, որ Ազրպէյճանի գրեթէ կազմալուծուած զօրամիաւորումները խուճապէն կորսնցուցած են իրավիճակի կառավարումը եւ կը կրակեն իրարու վրայ:

«Զօրքի ոգեւորութեան ալիքը երթալով «անկառավարելի» կը դառնայ: Պաշտպանութեան բանակը կը շարունակէ փայլուն կատարել իր առջեւ դրուած մարտական խնդիրը: Թշնամիին գրեթէ կազմալուծուած զօրամիաւորումները խուճապէն կորսնցուցած են իրավիճակի կառավարումը եւ կը կրակեն իրարու վրայ»,- Ֆէյսպուքի իր էջին գրած է Պօղոսեան: