Տեսակցութիւն՝ ՀՀ Վարչապետ Փաշինեանի Հետ
Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 26-ի յետմիջօրէին ԱՄՆ արեւելեան եւ արեւմտեան շրջաններու Հ․Յ․Դ․ Կեդրոնական կոնիտէներու ներկայացուցիչներ, գլխաւորութեամբ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ՝ Խաչիկ Մուրատեանի, տեսակցութիւն մը ունեցան ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Այս մասին կը հաղորդէ «Հայրենիք»-ը։
Հ․Յ․Դ․ Արեւելեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտիէն կը ներկայացնէին Ճորճ Աղճայեան, Հայկ Օշական, Անդրանիկ Գասպարեան եւ Ժանօ Աւետիսեան։ Իսկ, Արեւմտեան Ամերիկայի Հ․Յ․Դ․ Կեդրոնական Կոմիտիէի ներկայացուցիչներն էին՝ Քարմէն Օհանեան եւ Աւետիք Իզմիրլեան
Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Հայ Դատի Ուաշինկթընի կեդրոնական գրասենեակէն Արամ Համբարեան։
Մօտաւորապէս մէկ ժամ տեւողութիւն ունեցող այս հանդիպումին, արծարծուեցան Սփիւռք-Հայաստան կապերը յուզող հարցեր։ Աւարտին, վարչապետ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնեց։
