Նիւ Եորք Կատարած Աշխատանքային Այցի Աւարտին Վարչապետը Այցելած է ՄԱԿ-ի Մէջ ՀՀ Մշտական Ներկայացուցչութիւն եւ Սուրբ Վարդան Մայր Տաճար
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ Նիւ Եորք կատարած աշխատանքային այցին աւարտին՝ այցելած է ՄԱԿ-ի մէջ ՀՀ մշտական ներկայացուցչութիւն եւ Նիւ Եորք գտնուող՝ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Սուրբ Վարդան մայր տաճար։ Այս մասին, դիմատետրի իր էջին գրած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մամուլի խօսնակ Արման Եղոյեան։
ՀՀ վարչապետը Միացեալ Նահանգներէն պիտի մեկնի Տաճիկստանի Հանրապետութիւն: Տուշանպէի մէջ վարչապետ Փաշինեան պիտի մասնակցի ԱՊՀ անդամ երկիրներու ղեկավարներու հերթական գագաթնաժողովին:
