Ոչնչացուած Են Հակառակորդի Մեծ Թիւով Կենդանի Ուժ, Սպառազինութիւն եւ Ռազմական Սարքեր, նաեւ՝ «ՏՕՍ-1Ա»

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի ՊԲ ստորաբաժանումները առանձին հատուածներու վրայ կ՝իրականացնեն պատժիչ գործողութիւններ։ Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի մամուլի քարտուղար Շուշան Ստեփանեան:

«Այս պահուն մարտերը կը շարունակուին: Արցախի ՊԲ ստորաբաժանումները առանձին հատուածներու վրայ կ՝իրականացնեն պատժիչ գործողութիւններ։ Ոչնչացուած են հակառակորդի մեծ թիւով կենդանի ուժ, սպառազինութիւն եւ ռազմական սարքեր, ինչպէս նաեւ՝ «ՏՕՍ-1Ա» ծանր հրանետային համակարգ»,- գրած է ան։