
Եթէ Ազրպէյճանը Շարունակէ Յարձակումը, Պաշտպանութեան Բանակը Միայն Իր Նախկին Բնագիծերը Վերականգնելով Պիտի Չբաւարարուի
Ազրպէյճանի բանակը նախայարձակ ըլլալու պահէն քանի մը ժամ անց արդէն առաջ շարժելու հնարաւորութիւն չէ ունեցած: Այսօր ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է Արցախի նախագահի խօսնակ Վահրամ Պօղոսեան:
«Արցախի բանակը ամբողջութեամբ այս պահուն Ազրպէյճանի յարձակումը կը զսպէ: 30 տարի առաջ Արցախի ժողովուրդը ոտքի կանգնած է իր անկախութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի համար, փոխարէնը ստացած է պարտադրուած պատերազմ: Այս պատերազմական գործողութիւններու արդիւնքով ունինք այն, ինչ ունինք այսօր, եւ որու մասին անընդհատ կը խօսի Ազրպէյճանը: Եթէ այս ընթացքին Ազրպէյճանը շարունակէ իր յարձակողապաշտ գործողութիւնները, չենք բացառեր, որ Պաշտպանութեան բանակը միայն իր նախկին բնագիծերը վերականգնելով չբաւարարուի: Արցախի իշխանութիւնները արդէն յայտարարած են՝ նախայարձակ գործողութիւններուն պատասխանատուութիւնը պիտի կրէ Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը»,- նշած է Պօղոսեան: