Գիշերը Թշնամիին Բոլոր Փորձերը Ձախողած են

Հայաստան

Արցախի Պաշտպանութեան բանակէն կը յայտնեն, որ գիշերուան ընթացքին աւելի բուռն մարտեր տեղի ունեցած են հիւսիսային եւ հիւսիս-արեւելեան հատուածներու մէջ:

«Մարտավարական նախաձեռնութիւնը ի յօգուտ բարելաւելու հակառակորդին բոլոր փորձերը ձախողած են: Հակառակորդը ունի սպառազինութեան, ռազմամթերքի եւ մարդկային լուրջ կորուստներ:

 Կիրառելով հրթիռահրետանային համակարգեր, հետախուզական եւ հարուածային անօդաչու թռչող սարքեր` թշնամին թիրախի տակ առած է նաեւ խաղաղ բնակչութիւնը: Օգտագործուած հարուածային ԱԹՍ-ներէն երկուքը ՊԲ ՀՕՊ ուժերուն կողմէ խոցուած է Ստեփանակերտի վրայ: Այս պահուն մարտական գործողութիւները կը շարունակուին բոլոր ուղղութիւններով»,- ըսուած է ՊԲ հաղորդագրութեան մէջ: