Արցախի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանը Կը Հրաժարի Իր Պաշտօնէն
Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ռուբէն Մելիքեան յայտնած է հրաժարական ներկայացնելու որոշումին մասին: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, այս մասին Մելիքեան գրած է ֆէյսպուքի իր էջին մէջ:
«Երեկ հրապարակած ենք Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպանի յատուկ զեկոյցը Ատրպէյճանի մէջ հայատեացութեան փաստերու վերաբերեալ` ատով ըստ էութեան աւարտելով 2016-ի ապրիլեան պատերազմի առթիւ մեր սկսած փաստահաւաք գործառոյթը: Թէեւ մեր հաստատութիւնը աշխոյժօրէն իրականացուցած է ու կ՛իրականացնէ ծաւալուն գործունէութիւն տարբեր ուղղութիւններով, նշուած գործառոյթը յատուկ կարեւորած եմ ի սկզբանէ:
Այդ գործը աւարտին հասցնելէ ետք արդէն ինծի իրաւունք կը վերապահեմ ի կատար ածելու դեռեւս մէկ-երկու ամիս առաջ կայացուցած անձնական որոշումս, այն է` հրաժարական ներկայացնել Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի պաշտօնէն:
․․․ Յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի ողջ աշխատակազմին. Կը հպարտանամ ձեզմէ իւրաքանչիւրով:
Հրաժարական տալով այս պաշտօնէն` երբեք հրաժարական չեմ տար Արցախէն, մեր համազգային իղձերէն ու մեր «ազատասէր նախնիներու սուրբ պատգամէն»:Ես Արցախ պիտի ըլլամ յաճախ եւ պիտի փորձեմ ուժերուս ներածի չափով օգտակար ըլլալ»,- գրած է ան:
