
Ուքրանացի Պատգամաւորները Պատրաստակամութիւն Յայտնած Են Մեկնելու Հայաստան ու Օգնելու Հայերուն
Ուրանիոյ Գերագոյն Ռատայի պատգամաւոր, Հայաստանի հետ բարեկամութեան խորհրդարանական խումբի ղեկավար Արտեմ Տմիդրուգը խորապէս անհանգստացած է Արցախի մէջ ընթացող պատերազմական իրավիճակով:
«Ես` իբրեւ Ուքրանիոյ ազգային պատգամաւոր եւ Հայաստանի հետ բարեկամութեան միջխորհրդարանական խումբի ղեկավար, խորապէս անհանգստացած եմ Արցախի մէջ տիրող իրավիճակով: Կը հաղորդեն թէժ մարտերու մասին սահմանի ողջ երկայնքով, զարնուած ուղղաթիռներու մասին, երկու կողմերն ալ զօրքերը սահման կը քաշեն: Համոզուած եմ, որ ցանկացած խնդիր կարելի է լուծել խաղաղ ճանապարհով»,- այս մասին Տմիդրուգը գրած է instragram-ի իր էջին վրայ, կը հաղորդէ Armenpress.am-ը՝ վկայակոչելով
AnalitikaUA.net-ը:
Ուքրանացի պատգամաւորը առաջարկած էր նաեւ Հայաստան մեկնիլ՝ եղբայրական հայ ժողովուրդին տեղւոյն վրայ օգնելու համար: «Ուքրանիոյ ազգային պատգամաւորներուն, նախարարութիւններու եւ գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչներուն կոչ կ՝ընեմ միաւորուելու, որպէսզի մեկնինք իրադարձութիւններու գօտի ու տեղւոյն վրայ բարեկամ հայ ժողովուրդին օգնենք»,-նշած է ան:
Նախապէս, Գերագոյն Ռատայի այլ պատգամաւոր մը՝ Տարիա Վոլոտինան, Telegram-ի իր ալիքին վրայ գրած էր, որ երկու կողմերն ալ պէտք է նստին բանակցութիւններու սեղանին շուրջ եւ ըսած, որ ոչ մէկ կերպ կրնայ արդարացուիլ քաղաքացիական բնակչութեան թիրախաւորելը։