Ազրպէյճանական Կողմը Հրետանիով Կը Հարուածէ Մարտակերտ Քաղաքը

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախա-ազրպէյճանական սահմանագիծին վրայ ծաւալած մարտական գործողութիւններուն ընթացքին հակառակորդը կը շարունակէ թիրախ դարձնել բնակավայրերը: Մամուլի ասուլիսին ընթացքին այս մասին յայտնեց ՊՆ ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան:

«Այս պահուն թիրախ դարձած են նաեւ բնակավայրերը: Քիչ առաջ ինծի հասան տասանիւթեր, ուր պարզ կ՝երեւի, որ ազրպէյճանական կողմը հրետանիով հարուածներ կը հասցնէ Մարտակերտ քաղաքի ուղղութեամբ»,- նշեց Յովհաննիսեան: