ՄԱկ-ի Գլխաւոր Քարտուղարը Կոչ Կ՛ընէ Վերադառնալու Բովանդակալից Բանակցութիւններուն

Հայաստան

ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշ չափազանց մտահոգուած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին երկայնքով ռազմական գործողութիւններու վերսկսմամբ: Յայտարարութիւնը տեղադրուած է ՄԱԿ-ի պաշտօնական կայքին մէջ:

Ան կը դատապարտէ ուժի գործադրումը եւ կը ցաւի խաղաղ բնակչութեան կեանքի կորուստներուն եւ զոհերուն համար:

Գլխաւոր քարտուղարը խստօրէն կոչ կ՛ընէ կողմերուն անյապաղ դադրեցնելու մարտերը, թուլացնելու լարուածութիւնը եւ անյապաղ վերադառնալու բովանդակալից բանակցութիւններուն: Ան կը խօսի ինչպէս Ազրպէյճանի նախագահին, այնպէս ալ Հայաստանի վարչապետին հետ:

Գլխաւոր քարտուղարը կը վերահաստատէ իր լիակատար աջակցութիւնը ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու կարեւոր դերակատարութեան եւ կը յորդորէ կողմերուն սերտօրէն համագործակցիլ անոնց հետ` առանց նախապայմաններու երկխօսութեան անյապաղ վերսկսման համար: