
Եւրոմիութիւնը Կոչ Կ՝ընէ Անյապաղ Դադրեցնելու Մարտական Գործողութիւնները
Եւրոպական Միութիւնը կոչ կ՝ընէ անյապաղ դադրեցնելու մարտական գործողութիւնները եւ խստօրէն պահպանելու հրադադարը: Այս մասին ըսուած է ԵՄ արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ճոզէֆ Պորելի յայտարարութեան մէջ:
«2020թ. Սեպտեմբեր 27-ին, սահմանագիծի երկայնքով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին վրայ բռնկեցան մարտական գործողութիւններ, որոնք, ցաւօք, հանգեցուցին ռազմական եւ քաղաքացիական բնակչութեան զոհերու: Եւրոմիութիւնը կոչ կ՝ընէ անյապաղ դադրեցնելու մարտական գործողութիւնները եւ խստօրէն պահպանելու հրադադարը»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Պորել նշած է, որ անհրաժեշտ է շտապ վերադառնալ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւններուն՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու հովանիին ներքոյ՝ առանց նախապայմաններու։