
Ատրպէյճանը Պէտք է Անյապաղ Դադրեցնէ ԼՂ-ի Մէջ Ռազմական Գործողութիւնները. ԵԽ Պատգամաւոր
Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւոր, ԵԺԿ խմբակցութեան արտաքին հարցերով խօսնակ Միքայէլ Կալերը Ատրպէյճանին կոչ կ՝ընէ անյապաղ դադրեցնելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռազմական գործողութիւնները: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, Կալեր գրած է Twitter-ի իր էջին վրայ:
«Ազրպէյճանը պէտք է անյապաղ դադրեցնէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռազմական գործողութիւնները: Որոշում կայացուած էր, որ հակամարտութեան լուծումը պէտք է գտնուի խաղաղ բանակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք: Անհրաժեշտ է կանխել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ լայնածաւալ պատերազմի վերսկսումը: Երկու կողմերէն ալ մարդիկ կը տուժեն»,- գրած է Կալեր: