Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ու Հռոմի Պապը Քննարկած են Արցախի Մէջ Տիրող Իրավիճակը

Հայաստան

Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանսիսկոս Պապը այսօր Վատիկանի մէջ հանդիպման ժամանակ քննարկած են Ազրպէյճանի կողմէ արցախա-ազրպէյճանական սահմանին ողջ երկայնքով սանձազերծուած գործողութիւնները:

Ռազմական գործողութիւններու դադարեցման եւ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հարցով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կարեւոր նկատած է Կաթոլիկ Քոյր Եկեղեցւոյ եւ անոր հովուապետին ձայնը:

 Դատապարտելով Ազրպէյճանի այարձակումը` Նորին Սրբութիւնը հաստատած է, որ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու յարգումով եւ արդարութեան հռչակումով միայն հնարաւոր պիտի ըլլայ վերահաստատել խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը:

Երկու հովուապետները աղօթք բարձրացուցին խաղաղութեան վերականգնման համար:

Նշենք, որ առաւօտեան  Կաթողիկոսի ֆէյսպուքի պաշտօնական էջը հաղորդեց, որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կ՛ընդհատէ այցը Իտալիա եւ անհապաղ կը վերադառնայ Հայաստան։