Եւրոպայի Խորհուրդի Գլխաւոր Քարտուղարը Կոչ Կ՝ընէ Անյապաղ Դադրեցնելու Մարտական Գործողութիւնները

Աշխարհ, Հայաստան

Եւրոպայի Խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար Մարիա Փէյչինովիչ-Պուրիչը կոչ կ՝ընէ անյապաղ դադրեցնելու Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ընթացող ռազմական գործողութիւնները: Այս մասին նշուած է Եւրոպայի Խորհուրդի տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

«Ես լրջօրէն մտահոգուած եմ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ռազմական յարձակման մասին հաղորդագրութիւններով։ Ես կոչ կ՝ընեմ մեր անդամ պետութիւններուն՝ Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին, ցուցաբերելու պատասխանատւութիւն եւ զսպուածութիւն՝ անյապաղ դադրեցնելով ռազմական գործողութիւնները։ Անդամակցելով Եւրոպայի Խորհուրդին, երկու երկիրներն ալ պարտաւորուած են հակամարտութիւնը լուծելու խաղաղ միջոցներով, եւ այդ պարտաւորութիւնը պէտք է խստօրէն պահպանուի»,- նշած է Փէյչինովիչ-Պուրիչը:

ԵԽ Գլխաւոր քարտուղարը նշած է, որ այս դժուարին ժամանակներուն իր մտքերը ուղղուած են քաղաքացիական անձերու, ներառեալ ՝ երեխաներու, կանանց եւ տարեց մարդոց:

«Եւրոպայի Խորհուրդի անունով ես կոչ կ՝ընեմ մեր երկու անդամ պետութիւններու իշխանութիւններուն ընելու հնարաւորը՝ մարդկային կեանքեր պաշտպանելու եւ ռազմական հակամարտութեան մէջ չներքաշուելու համար։ Անհրաժեշտ է գործադրել բոլոր ջանքերը հակամարտութեան աստիճանաւոր յարձակումը դադրեցնելու համար»,- ըսած է ան:

Մարիա Փէյչինովիչ-Պուրիչը ԵԽ աջակցութիւնը յայտնած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն` հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման որոնումներուն մէջ անդամ պետութիւններուն օգնութիւն ցուցաբերելու գործին։