Հայ-ազրպէյճանական Սահմանի Ոչ Ամբողջ Երկայնքով Լարուածութիւն Կը Նկատուի

Աշխարհ, Հայաստան

Հայ-ազրպէյճանական սահմանի ոչ ամբողջ երկայնքով կը նկատուի լարուածութիւն․ հարուածներ եղած են Վարդենիսի ուղղութեամբ։

Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, այսօր կայացած ասուլիսին ընթացքին յայտնած է Միասնական տեղեկատուական կեդրոնի պաշտօնական ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան:

«Այսօր առաւօտեան ազրպէյճանական ԶՈւ հրթիռահրետակոծութեան գործողութիւններուն ընթացքին, որոնք յատկապէս եղած են Արցախի ուղղութեամբ՝ նաեւ եղած են հարուածներ ՀՀ Գեղարքունիքի մարզի Վարդենիսի ուղղութեամբ»,- ըսած է Յովհաննիսեան եւ աւելցուցած, որ գործողութիւնները հայ-ազրպէյճանական սահմանին այդքան ալ անմիջական չեն։

Անոր խօսքով՝ այս պահուն ՀՀ-ի այլ մասերուն վրայ նման իրավիճակ չկայ։