Lրագրողներու Համահայկական Համաժողովներու Համակարգող Խորհուրդին Կոչը Հայկական Բոլոր Լրատուամիջոցներուն

Հայաստան, Սփիւռք

Լրագրողներու Համահայկական համաժողովներու Համակարգող խորհուրդը կոչով դիմած է հայկական բոլոր լրատուամիջոցներուն՝ Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած յարձակման միասնաբար հակազդելու վերաբերեալ։ 

Հայկական բոլոր  լրատուամիջոցներուն

Ազրպէյճանը միաւորելով ուժերը, հերթական յարձակումը նախաձեռնած է Արցախի Հանրապետութեան հետ սահմանագիծի ողջ երկայնքով։

Ազգային եւ պետական ինքնութեան պահպանման կարեւորագոյն այս պահուն, երբ հրամայական դարձած է ողջ հայութեան համախմբումը, երբ օրախնդիր դարձած է թշնամիին անբեկանելի հարուած հասցնելը, մեր պարտքը կը համարենք դիմելու համայն աշխարհի հայկական լրատուամիջոցներուն՝ համախմբուելու եւ մէկտեղելու ջանքերը ճշգրիտ եւ անմիջական տեղեկատւութիւնը հասցնելու տուեալ երկրի հանրութեան, իշխանութիւններուն, լրատուամիջոցներուն, հասարակական – քաղաքական կառոյցներուն։

Այսօր թշնամին մեր դէմ պատերազմ սկսած է ոչ միայն զէնքով ու մարդկային միջոցներով, այլեւ քարոզչական բոլոր եղանակներով ու ուղղութիւններով՝ տարածելով ապատեղեկատւութիւն ու իրենց պաշտպանական գերատեսչութեան մէջ յօրինուած ստայօդ, ապակողմնորոշող լուրեր։

Տեղեկատուական այս յարձակման հնարաւոր է հակազդել միացեալ ուժերով, մեր արժէքներու՝ Ազատութեան,  Հայրենիքի, Հայրենասիրութեան շուրջ։

Կոչ կ՝ընենք օր ու գիշեր ներդնելու ուժերը մեր պաշտօնական աղբիւրներու տեղեկատւութիւնը ճիշդ հասցէատէրերուն հասցնելու եւ ողջ հայութեան համախմբող գաղափարները տարածելու ուղղութեամբ։

Լրագրողներու Համահայկական համաժողովներու Համակարգող խորհուրդ