
Միջազգային Մամուլը Կ՝անդրադառնայ Սահմանագիծին Վրայ Տիրող Իրավիճակին
Միջազգային մամուլը կ՝անդրադառնայ ղարաբաղա-ազրպէյճանական սահմանագիծին վրայ Ազրպէյճանի սանձազերծած բախումներուն: Ըստ Armenpress.am-ի՝ Reuters գործակալութիւնը անդրադարձած է սահմանագիծին վրայ տիրող իրավիճակին:
Մէջբերուած է ՀՀ ՊՆ յայտարարութիւնը երկու զոհի ու խաղաղ բնակչութեան կրակի տակ ըլլալու մասին: Մէջբերուած է նաեւ Ազրպէյճանի յայտարարութիւնը իրենց ուղղաթիռի կործանման մասին: Աւելի ուշ կայքը նշած է նաեւ ԼՂ-ի մէջ ռազմական դրութիւն յայտարարելու մասին:
Euronews-ը գրած է սահմանագիծին վրայ ազրպէյճանական ու հայկական ուժերու թէժ մարտերուն մասին եւ մէջբերած ՀՀ ՊՆ մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեանի Facebook-ի էջին վրայ կատարած գրառման, որմով կը հաւաստուի, որ հայկական կողմը խոցած է ազրպէյճանական երեք հրասայլ, ԱԹՍ-ներ եւ ուղղաթիռներ: Կայքը յատուկ ընդգծած է, որ ԼՂ-ն ի սկզբանէ եղած է հայկական հիմք ունեցող տարածք եւ անկախութիւն հռչակած է, որմէ ետք սկսած է պատերազմ, հրադադար ստորագրուած է 1994-ին: