ՊԲ Ստորաբաժանումները Յաջողութեամբ Ետ Կը Մղեն Ազրպէյճանի Գրոհները. Հակառակորդը Կորուստներ Ունի

Աշխարհ, Հայաստան

ՀՀ Պաշտպանութեան բանակի  ստորաբաժանումները յաջողութեամբ ետ կը մղեն Ազրպէյճանի զինուժի ձեռնարկած գրոհները, հակառակորդը ունի կորուստներ: Այս մասին կը յայտնէ ՊՆ մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեան:

«Արցախա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծի ողջ երկայնքով Ազրպէյճանի զինուժի ձեռնարկած գրոհները ՊԲ ստորաբաժանումներուն կողմէ յաջողութեամբ ետ կը մղուին։ Հակառակորդը ունի կորուստներ»,- նշած է Ստեփանեան: