
Սամուէլ Բաբայեան Յայտնեց Տասը Զինծառայողի Զոհուելուն Մասին
Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սամուէլ Բաբայեանի տեղեկութիւններով՝ արցախա-ազրպէյճանական սահմանին մարտական գոծողութիւններու ընթացքին զոհուած է տասը զինծառայող: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, Բաբայեանը ըսած է լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին:
«Իմ մօտ եղած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ տասը զոհ ունինք, զինուորական»,- ըսած է Բաբայեան: