ՀՀ Վարչապետն ու Լիբանանի Նախագահը Քննարկած են Հայ-Լիբանանեան Յարաբերութիւններու Յետագայ Զարգացման Վերաբերող Հարցեր
ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Սեպտեմբեր 25-ին, հանդիպում ունեցած է Լիբանանի նախագահ Միշել Աունի հետ:
«Ազդակ»-ի տեղեկութիւններով՝ զրուցակիցները կարեւոր նկատած են հայ-լիբանանեան աւանդական բարեկամական յարաբերութիւններու շարունակական զարգացումը եւ գոհունակութիւն յայտնած երկկողմանի քաղաքական համագործակցութեան բարձր մակարդակին համար: Կողմերը կարեւոր նկատած են տնտեսութեան մարզին մէջ կապերու խորացումն ու առեւտրական շրջանառութեան ծաւալներու աւելացումը` այդ առումով ընդգծելով գործարար հանդիպումներու կազմակերպման անհրաժեշտութիւնը:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ նախագահ Միշել Աուն քննարկած են զանազան մարզերու մէջ փոխադարձ գործակցութեան խթանման վերաբերող հարցեր եւ անդրադարձած Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան յառաջիկայ վեհաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն:
Լիբանանի նախագահը վերահաստատած է իր մասնակցութիւնը վեհաժողովին եւ համոզում յայտնած, որ անիկա պիտի կայանայ բարձր մակարդակով:
Զրուցակիցները երկկողմանի կապերու ընդլայնման գործին մէջ կարեւոր նկատած են Լիբանանի հայ համայնքի դերը: Նախագահ Միշել Աուն ընդգծած է, որ տեղւոյն հայ համայնքը իր երկրի տարբեր մարզերուն մէջ ունի կարեւոր դերակատարութիւն եւ յաջողութեամբ կը նպաստէ պետութեան զարգացման եւ յառաջընթացին:
