Զրուցելու Վարպետութիւնը. «Հայրենիք»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Մեծն Բրիտանիոյ ձայնասփիւռի հանրահռչակ Պի․Պի․Սի․ կայանի հաղորդավարներէն՝ Սթիւըն Սաքիւրը յաճախ զայրոյթ կը պատճառէ իր «Hard Talk» յայտագրով, որ իսկապէս ալ, բառին բուն իմաստով, կարծր (ընդհանրապէս չափէն աւելի) խօսակցութիւններ են։ Խորքին մէջ, անոնք խօսակցութիւններ ալ չեն, այլ միակողմանի հրահանգի նմանող արտայայտութիւններ, խեղաթիւրումներ, սխալ մեկնաբանութիւններ, անտեղի չափազանցութիւններ եւ այլն, բոլորն ալ դիտումնաւոր, պարզապէս նեղ կացութեան մատնելու համար խօսակիցը եւ՝ շինծու տագնապ ստեղծելու։ Այս «դէմ առ դէմ»-ին նիւթն ու բնագաւառը քաղաքականութիւնն է, ուր կը քննարկուին ծանրակշիռ հարցեր եւ զգայացունց նիւթեր։ Խօսնակը իր այս «համարձակ» կեցուածքները հաւանաբար կը պաշտպանէ այնպիսի տրամաբանութեամբ մը, թէ՝ վարպետ զրուցավարի մը գլխաւոր պարտականութիւնն է դիմացինը նեղի մատնել, եւ ո՛չ թէ անպայման իրականութիւններ հետամտել, արդարութիւնը բացայայտել:
Սաքիւրի հիւրը ծայր աստիճան պատրաստուած պէտք է ըլլայ, տեղեկութիւններով եւ գիտելիքներով լաւապէս զինուած, իսկ աւելի՛ կարեւորը՝ նոյն ոճով ու համարձակութեամբ փոխադարձելու կարողութեամբ օժտուած, ի հարկին «ձայնի պատ»ը խզելու արագութեամբ։ Յայտագրին ղեկը ձեռքը ըլլալով՝ Սաքիւր կարողութիւնը եւ մենաշնորհը ունի յանկարծ նիւթէ նիւթ ցատկելու, յաւելեալ գլխապտոյտ պատճառելու համար հրաւիրեալին։
Աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր կը սփռուի է այս յայտագիրը, որուն ընթացքին հրաւիրեալին դերն է… չարչարանք կրել: Շատեր նաք-աութի ենթարկուած են, քիչեր կրցած են վերապրիլ «փոթորիկ»-էն ետք…։
Անցեալ Հոկտեմբերին, Սաքիւրի մէկ հիւրն էր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարար Զոհրապ Մնացականեանը, որ այդ օրերուն, Լոնտոն գտնուելուն, անձամբ ներկայացած էր Պի․Պի․Սի․ի կեդրոնատեղին եւ դէմ առ դէմ ունեցած էր հարցազրոյցը։
Անցեալ շաբաթ, Սաքիւրի հրաւիրեալն էր Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։ Զրոյցը բնականաբար ընթացաւ հեռակայ դրութեամբ: Իրեն յատուկ ոճով եւ անտեղի ու խեղաթիւրեալ հաստատումներով՝ Սաքիւր յարձակողական հարցումներու տեղատարափի մը տակ առաւ իր հիւրը եւ զայն հեւքոտ գործի լծեց։ Հարցապնդողը, միշտ հաւատարիմ իր սովորութեան, իրերայաջորդ ու յաճախ անկապ հարցումներով «զրուցեց» վարչապետին հետ:
Նիւթերը բազմազան էին. Պսակաձեւ ժահրին դէմ պայքարն ու ստեղծուած դժուարութիւնները, արտաքին քաղաքականութիւն, սակայն բազմիցս կրկնուող «կարմիր գիծ»ն էր կողմնորոշման հարցը՝ «թեքում դէպի Արեւե՞լք, թէ՞ Արեւմուտք»։
Շինծու եւ չափազանցեալ հարցադրումներու շարքին, ամենէն ընդվզեցնողն էր այն, որ Հայաստանի բանակը ինչո՞ւ Տաւուշի սահմանին վրայ եղած է նախայարձակ, կամ՝ Հայաստան ինչպէ՞ս ցայսօր գրաւած կը պահէ Ատրպէյճանէն լայն հողաշերտ մը, այսինքն՝ Արցախը: Անուղղայ վերաբերմունքը աւելի՛ եւս կը ծանրանայ հարցապնդողին ուսերուն, եթէ հաշուենք, որ ան քիչ թէ շատ ծանօթ է-պէտք է ըլլայ պատմական իրականութիւններուն: Նման հաղորդավարէ մը այսքանը սպասելի է…: Ան այդքանով ալ չբաւականացաւ, եւ յարձակողականը շարունակելով, հարց տուաւ թէ «հայկական կողմի վայրագութիւններուն» մասին Եւրոպական խորհուրդին պատրաստած թղթածրարին գծով, ի՞նչ որոշումներ տրուած են։ Ան յայտնապէս ու դիտումնաւոր կերպով «մոռցած էր», թէ 1921-ին, Ստալինի հրահանգով, դարերէ ի վեր հայաբնակ ու հայապատկան Արցախը բռնի ուժով կցուեցաւ Ատրպէյճանին. ան նախընտրած էր մոռնալ Սումկայիթ ու նման «մանրուքներ»…
Այս «հրթիռակոծումներուն» դիմաց, վարչապետ Փաշինեան «տկար ինկաւ»: Օրինակի համար, Եւրոպական խորհուրդին պատրաստած թղթածրարին անդրադառնալու ժամանակ, պէտք է անպայման արծարծէր ազերի սպայ Ռամիլ Սաֆարովի աղաղակող ոճիրը, շեշտելով, որ հայ-ազերիական սահմանագիծէն շատ հեռու, Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափէշթի մէջ, ՆԱԹՕ-ի «Գործընկերութիւն յանուն խաղաղութեան» ուսումնական ծրագրին ընթացքին, ազերի ոճրագործը կացինահարելով սպաննած էր գործակից սպայ Գուրգէն Մարգարեանը, յետոյ ալ հերոսացուած՝ Պաքու իշխանաւորներուն կողմէ, այսօր ալ կը վայելէ ազերիներուն ջերմ համակրանքը…:
Անգլերէնով ընթացող զրոյցին, Սաքիւր առաւելագոյն չափով օգտագործեց Շէյքսփիրի լեզուին տիրապետելու իր առաւելութիւնը եւ առիթ չտուաւ վարչապետ Փաշինեանին, որ իր կաղ անգլերէնով կարենայ լաւապէս բացատրել ճշմարիտ իրադարձութիւնները։ Հայրենի վարչապետը պարտէր շատ աւելի պատրաստուած նստիլ զրոյցի սեղանին, ըլլալ շատ աւելի սուր եւ արթուն, որովհետեւ նաեւ պարտաւոր էր տեղեակ ըլլալ, թէ իր դէմ գտնուողին պարտականութիւնն էր յաջորդական ծուղակներ լարել…
Ոեւէ հայու արդար իրաւունքն է սպասել, որ հայրենի պետութեան ղեկին եղողները ցուցաբերեն նոր ժամանակներուն հարկադրած արթնութիւնն ու պատրաստուածութիւնը, մանաւանդ՝ նման առիթներ օգտագործեն ո՛չ միայն հայկական կողմին արդար կեցուածքն ու ակնկալութիւնները համոզիչ կերպով հրապարակելու ամբողջ աշխարհին առջեւ, մանաւանդ, որ Պի. Պի. Սի.-ն եւ նման կայաններ որքա՜ն մեծ թիւով ունկնդիրներու կը հասնին, ունկդիրներ՝ որոնք ընդհանրապէս անհաղորդ են իրենց անմիջական քիթէն անդին տեղի ունեցող իրադարձութիւններու ծալքերուն, իրենց միտքը չեն պահեր ամենէն արդար իրականութիւններն անգամ։
Եւ դեռ աւելի՛ն, վարչապետ Փաշինեան ի հարկին պէտք է քաղաքավար բրտութեամբ զրուցավարին գլխուն շրջէր սեղանը, զայն ձգէր իր պատրաստած թակարդներուն մէջ: Այլապէս, նախընտրելի է հրաժարիլ շուտիկ մոլուցքով այս կամ այն պաստառէն երեւելու մարմաջէն, մանաւանդ, որ նման պաստառներ հայերու համակրանքն ու քուէն շահելու ծառայող բեմեր չեն:
Այս նկատողութիւնները լոկ ինքնանպատակ քննարկում կամ քննադատութիւն չեն, այլ սրտցաւ եւ լուրջ մտահոգութիւն մը: