Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին Մէջ Սուրբ Եւ Անմահ Պատարագ Ու Խաղողօրհնէք

Սփիւռք

Այս Կիրակի, 16 Օգոստոս 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Ս. Աստուածածնի վերափոխման տօնին առիթով պիտի մատուցուի հանդիսաւոր Ս. եւ Անմահ Պատարագ

Հանդիսապետութեամբ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏին

Պիտի պատարագէ ու քարոզէ
ԳԵՐՇ. Տ. ՄԱԿԱՐ ԵՊՍ. ԱՇԳԱՐԵԱՆ

Պատարագի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ տեղի պիտի ունենայ խաղողի օրհնութիւն:

Յայտնենք, որ Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի ու խաղողօրհնէք պիտի կատարուի նաեւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի համանուն մատրան մէջ:

Կարեւորութեամբ նշենք, որ Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Պատարագը ուղիղ պիտի սփռուի դիմատետրի (Facebook) CILICIA TV էջէն: