
Իրաքի Հայկական Համայնքը Զինծառայողներու Ապահովագրութեան Հիմնադրամին Կը Փոխանցէ 90․700 Տոլար
Իրաքի հայկական համայնքը «Զինծառայողներու ապահովագրութիւն» հիմնադրամին նուիրաբերելու նպատակով հաւաքած է 90 հազար 700 ԱՄՆ տոլար։
Այս մասին կը յայտնեն հիմնադրամէն։
«Նուիրաբերութեան հաւաքագրման մասնակցած է Իրաքի հայկական համայնքի իւրաքանչիւր ընտանիք, որոնք մէկ անհատի պէս համախմբուած եւ իրականութիւն դարձուցած են իրենց՝ հայոց բանակին օգնելու ցանկութիւնը։ Առանձնայատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք Իրաքի Հանրապետութեան մէջ ՀՀ արտակարգ և լիազօր դեսպան պարոն Հրաչեայ Փօլատեանին, որ որևէ ջանք չխնայեց համայնքի այս ցանկութիւնը իրականութիւն դարձնելու համար։ Երախտապարտ ենք համայնքի իւրաքանչիւր անդամին օգնելու պատրաստակամութեան և ներդրած իւրաքանչիւր լումային համար։ Համայնքի նման աջակցութիւնը ևս մէկ անգամ ապացուցեց հանրութեան վստահութիւնն ու սատարումը հիմնադրամին»,- կը նշեն «1000+» հիմնադրամէն և կ՛աւելցնեն, որ նմանատիպ ամուր կապի շնորհիւ է, որ հիմնադրամը պիտի կարենայ աւելի արդիւնաւէտ իրականացնել իր առջև դրուած բոլոր նպատակները: