
800 Հազար Տոլար` «COVID-19 Հայաստան. Միասին Յաղթահարենք Համաճարակը» Դրամահաւաքին
«Հայաստան Համահայկական հիմնադրամը կը հաղորդէ, որ ամփոփած է «COVID-19 Հայաստան. միասին յաղթահարենք համաճարակը» առցանց դրամահաւաք-արշաւի արդիւնքները:
«Հայաստան» համահայկական
հիմնադրամը, միանալով COVID-19 համաճարակի դէմ մղուող պայքարին, այս տարուան Մարտ
18-էն նախաձեռնած էր «COVID-19 Հայաստան. միասին յաղթահարենք համաճարակը» առցանց դրամահաւաք-արշաւին,
որուն ծիրէն ներս հաւաքագրուած ամբողջ գումարը ուղղուած էր առողջապահութեան ոլորտին
անհրաժեշտ բարձրորակ բժշկական պարագաներ ու սարքեր ձեռքբերելուն, ինչպէս նաեւ հրատապ
անհրաժեշտութիւն ունեցող այլ կարիքներուն: Ծրագիրը կ՛իրականացուի ՀՀ նախագահի, Արցախի
նախագահի, սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի, ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան
եւ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան սերտ համագործակցութեամբ:
Յուլիս 22-ի դրութեամբ հաւաքագրուած է 800. 030 ԱՄՆ տոլար, որմէ 695.
244-ը արդէն ուղղուած է մեծաքանակ բժշկական պարագաներու ու սարքաւորումներու
ձեռք բերման, շտապ օգնութեան անձնակազմին ֆինանսական աջակցութեան, Երեւանի եւ մարզերու
կարիքաւոր ծերերուն ամենամսեայ սնունդի մատակարարման, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հայրենակիցներու
Հայաստան վերադարձին:
Հիմնադրամէն կը տեղեկացնեն, որ ի լրումն առողջապահական ոլորտին տրամադրուած աջակցութեան,
Հիմնադրամի տեղական մարմիններու շնորհիւ մեծաքանակ բժշկական պարագաներ եւ սարքաւորումներ
արդէն նուիրաբերուած են Հայաստանի եւ Արցախի առողջապահական ոլորտին: Մնացեալ գումարը
եւս պիտի ուղղուի առողջապահական ոլորտի ծրագիրներու օժանդակութեան:
Հիմնադրամն իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ աշխարհի 18 երկիրներէն միացած աւելի
քան 1 000 անհատ նուիրատուներուն, աշխարհասփիւռ հայկական համայնքներուն, կազմակերպութիւններուն,
Հիմնադրամի ողջ ցանցին եւ բոլոր գործընկերներուն` վստահութեան եւ շարունակական
աջակցութեան համար:
Հիմնադրամը իր կայքին վրայ հրապարակած է նաեւ ֆինանսական հաշուետւութիւնը: