Ազրպէյճանն ու Թուրքիան Միասին Զօրավարժութիւններ Պիտի Ընեն Ազրպէյճանի Տարածքին

Աշխարհ

Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ռազմական համագործակցութեան համաձայնագրին համապատասխան` Ազրպէյճանի մէջ տեղի պիտի ունենան մարտական կրակով համատեղ լայնածաւալ մարտավարական եւ թռիչքա-մարտավարական զօրավարժութիւններ, որոնց կը մասնակցին երկու երկիրներու ցամաքային եւ ռազմաօդային ուժերը:

Այս մասին՝ ըստ tert.am՝ կը տեղեկացնէ ԱՓԱ գործակալութիւնը` յղում տալով Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան։

Համատեղ զօրավարժութիւններուն պիտի մասնակցին զօրախումբեր, զիրուորական կառքեր, հրետանային միջոցներ եւ ականանետներ, ինչպէս նաեւ ռազմական օդուժ եւ երկու երկիրներու հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը:

Ծրագրին համաձայն` ցամաքային ուժերու զօրավարժութիւնները տեղի պիտի ունենան Օգոստոս 1-5 Պաքուի եւ Նախիջեւանի մէջ, իսկ օդուժի մասնակցութեամբ զօրավարժութիւնները` Յուլիս 29-էն Օգոստոս 10` Պաքուի, Նախիջեւանի, Գեանջայի (Գանձակ), Քիւրտամիրի եւ Եւլախի մէջ։