
Շուէտի Մէջ Հայերը ՀՀ Դեսպանատան Մօտ Ցոյց Ըրած են
Շուէտի Թագաւորութեան մէջ ՀՀ դեսպանութեան մօտ Յուլիս 21-ին հաւաքուած են բազմաթիւ հայեր` իրենց աջակցութիւնը յայտնելով Հայաստանին եւ հայոց բնակին:
Թէեւ քանի մը օրէ ի վեր հայ-ազևպէյճանական սահմանին յարաբերական անդորր է, սակայն աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ հայկական համայնքներու մէջ կը շարունակուին ցոյցեր կազմակերպել:
Հայ համայնքի անդամները տեղեկացած են, որ Շուէտի մէջ ազրպէյճանցինեը իրենց դասպանատան մօտ ցոյց պիտի ընեն եւ հնարաւոր է երթով շարժուին դէպի ՀՀ դեսպանութիւն: Հայերը շատ արագ ինքնակազմակերպուած են եւ հաւաքուած ՀՀ դեսպանատան դիմաց: