Տաւուշի Մէջ ՀՀ ԶՈՒ Երեք Զինծառայող Վիրաւորուած է, Անոնց Կեանքին Վտանգ Չի Սպառնար․ ՊՆ Խօսնակ

Հայաստան

Հայ-ատրպէյճանական սահմանին հակառակորդին կիրառած զէնքերէն երեք զինծառայող վիրաւորուած է․

Այս մասին Tert.am-ին յայտնած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեան:

«Թեթեւ բեկորային վնասուածքներ են, անոնց կեանքին վտանգ չի սպառնար», -ըսած է ան:

Նախապէս հաղորդած էինք մարտական ծառայութիւն իրականացնող երկու ոստիկանի թեթեւ վիրաւորում ստանալու մասին: