
ՀԱՊԿ գլխաւոր Քարտուղարը Հայ-ատրպէյճանական Սահմանին Տիրող Իրավիճակի Առնչութեամբ Կառոյցի Մշտական Խորհուրդի Արտահերթ Նիստ Նախաձեռնած է
Հայ-ատրպէյճանական սահմանին լարուած իրավիճակին պատճառով ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Սթանիսլաւ Զաս Յուլիս 13-ին ՀԱՊԿ Մշտական խորհուրդի արտահերթ նիստ նախաձեռնած է:
Այս մասին ՝ըստ «Արցախփրես»-ի, կը տեղեկացնէ կառոյցի կայքը:
Աւլի առաջ՝ Յուլիս 13-ին, ՀՀ ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեան հեռախօսազրոյց ունեցած է ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասի հետ:
Նախարար Մնացականեան ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարին մանրամասն տեղեկութիւն փոխանցած է Յուլիս 12-էն Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ ՀՀ Տաւուշի մարզի ուղղութեամբ հրետանիի կիրառմամբ իրականացուած հրադադարի խախտումներուն, Յուլիս 13-ի առաւօտեան այդ գործողութիւններու վերսկսման, ինչպէս նաեւ իրադրութեան յետագայ սրման հետեւանքներուն մասին: