ՄԻՊ-ը Միջանկեալ Զեկոյց Ուղարկած Է Միջազգային Կառոյցներուն՝ Տաւուշը Գնդակոծելու Հարցով

Հայաստան


Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակը միջազգային կառոյցներուն ուղարկած է Հայաստանի Հանրապետութեան Տաւուշի մարզի ուղղութեամբ, Յուլիս 12-ին եւ 13-ին, ատրպէյճանական զինուած ուժերու գնդակոծութիւններուն վերաբերեալ առաջին միջանկեալ զեկոյցը: ԵՌԱԳՈՅՆ-ը այս մասին կը տեղեկանայ ՀՀ Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեանի Facebook-ի էջէն:

«Քիչ առաջ միջազգային կառոյցներուն ուղարկեցինք Հայաստանի Հանրապետութեան Տաւուշի մարզի ուղղութեամբ, Յուլիս 12-ին եւ 13-ին, ատրպէյճանական զինուած ուժերու գնդակոծութիւններուն վերաբերեալ առաջին միջանկեալ զեկոյցը՝ անգլերէն լեզուով: Անիկա կազմուած է գիշերուան ընթացքին։ Առանձին ընթացակարգով զեկոյցը կ՝ուղարկուի նաեւ ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդին: Յատուկ կը նշեմ, որ այսպիսի հնարաւորութիւն ունին բացառապէս «A» միջազգային կարգավիճակ ունեցող Մարդու իրաւունքներու ազգային հաստատութիւնները»,- գրած է Թաթոյեան:

ՄԻՊ-ը նշած է, որ միջանկեալ զեկոյցը կազմուած է՝ իբրեւ հիմք ունենալով տեղեկութիւններու եւ փաստերու հաւաքագրման ինքնուրոյն աղբիւրները:

«Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմը կը շարունակէ իրականացնել մշտադիտարկման աշխատանքներ՝ անմիջական կապ պահպանելով Տաւուշի մարզի Մովսէս եւ շարք մը այլ գիւղերու բնակիչներու, քաղաքացիական համայնքներու վարչական մարմիններու, ինչպէս նաեւ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան հետ՝ պաշտօնական հաղորդակցութեամբ: Այսօր առաւօտեան եւս արձանագրուած են տեղեկութիւններ Մովսէս եւ շարք մը այլ խաղաղ բնակավայրերու անմիջական հարեւանութեամբ ատրպէյճանական կողմի գնդակոծութեան, Հայաստանի այդ քաղաքացիական բնակավայրերու, անոնց բնակիչներու առողջութեան, կեանքի ու սեփականութեան համար իրական վտանգի մասին»,- նշած է Արման Թաթոյեան: