
ՀՀ Կառավարութիւնը Եւս Մէկ Ամիսով Երկարաձգեց Արտակարգ Դրութիւնը
ՀՀ կառավարութիւնը, այսօրուան արտահեթ նիստով, մէկ ամիսով եւս երկարաձգեց արտակարգ դրութիւնը։
Կառավարութիւնը որոշեց երկարաձգել ՀՀ-ի մէջ 2020 թուականի Մարտ 16-ին յայտարարուած եւ մինչեւ Յուլիս 13 երկարաձգուած արտակարգ դրութեան ժամկէտը, 2020 թուականի Յուլիս 13-ի ժամը 17:00-էն՝ 30 օրով՝ մինչեւ 2020 թուականի Օգոստոս 12, ժամը 17:00-ը ներառեալ ժամկէտով:
Որոշումը կապուած է «քորոնա» ժահր համավարակին հետ: