Վերանկախացման եւ Արցախեան Պայքարի Մեր Ուղին. Զգօն, Միակամ ու Վճռական

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խաժակ Մկրտիչեան

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը Փետրուար 1988-ին սկսած Արցախեան պայքարի ողջ ընթացքին ոչ միայն հետեւեցաւ, այլ ուղղակի առնչուեցաւ, յստակ ազգային քաղաքական կեցուածք դրսեւորեց ու սեփական ուղի ձեւաւորեց՝ հիմնուելով միջազգային ու տարածաշրջանային աշխարհաքաղաքական իրերու դասաւորումներուն վրայ:

Մեր ուղին ուռուագծելու համար պիտի հիմնուիմ ՀՅԴ պաշտօնական դիրքորոշումներուն, յայտարարութիւններուն եւ որոշումներուն վրայ, որոնց առաջին ամփոփումը կատարուեցաւ Աթէնքի մէջ 1988-ի Օգոստոսին գումարուած ՀՅԴ 24-րդ Ընդհանուր Ժողովին: Սակայն, դժուար չէ դաշնակցական մամուլի հրապարակումներէն վեր հանել ՀՅԴ ուղիի էութիւնը, Արցախեան շարժման սկիզբէն  մինչ այդ Ընդհանուր Ժողովը:

Խորհրդային Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ծայր առած շարժումը ՀՅԴ-ին կողմէ ընկալուեցաւ իբրեւ Հայաստանին ու հայութեան դէմ 1920-ական թուականներուն գործուած Ստալինեան անարդարութեան սրբագրութեան պայքար: Եւ քանի որ այդ պահանջատիրութիւնը արդիւնք էր Կորպաչեւի գլխաւորած վերակառուցման շարժման ընձեռած կարելիութիւններուն, ՀՅԴ-ն Կորպաչեւեան շարժման մէջ տեսաւ ազգամիջեան յարաբերութիւններուն եւ ազգային հարցի մակարդակներուն վրայ կուտակուած խնդիրներուն բարւոք լուծումներ առաջադրելու հնարաւորութիւն:

Դաշնակցութեան այս ընկալումը յստակօրէն կը դրսեւորուէր բարձրաձայնուած պահանջներու ընդհանրութեան մէջ, իբրեւ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը Խորհրդային Հայաստանին վերամիացնելու պահանջ: Այդ պահանջն է, որ կ’ընդգծուէր աշխարհի տարբեր մայրաքաղաքներու մէջ Խորհրդային Միութեան դեսպանատուներու դիմաց կազմակերպուած ցոյցերուն: Դաշնակցութիւնը նոյն պահանջը համոզիչ կը դարձնէր նաեւ քաղաքական իր գործունէութեան համար հասանելի միջազգային ատեաններուն: ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու ճիգերուն շնորհիւ Եւրոպական Խորհրդարանը եւս կը զօրակցի հայ ժողովուրդի Ղարաբաղեան պահանջին, որ տեղ կը գտնէր 7 Յուլիս, 1988-ին հրապարակուած յայտարարութեան մէջ:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը Ղարաբաղեան հարցին լուծումը Կորպաչեւեան ներխորհրդային վերակառուցման մէջ տեղաւորելու կողքին, ունէր նաեւ մտավախութիւն, որ Ղարաբաղեան շարժումը չնետուի հակառուս ծայրայեղութեան գիրկը: Ամէն առիթով Ղարաբաղը Խ. Հայաստանին միացնելու հայութեան արդար պահանջին հանդէպ վճռական կեցուածք դրսեւորելու կողքին, ՀՅԴ-ն զգօնութեան բազմասլաք կոչ եւ պահանջ առաջ կը քաշէ:

Գիտակցելով միջազգային կամ տարածաշրջանային քաղաքական թատերաբեմին վրայ տարբեր ուժերու տարաբնոյթ շահերով առաջնորդուելու փաստին եւ արտաքին կասկածելի ուժերու հաւանական միջամտութիւններուն, ՀՅԴ-ն կարեւոր կը նկատէր, որ զգոն պէտք է ըլլալ, որպէսզի հակահայ հաշիւներ հետապնդող որեւէ ուժ չկարենայ խեղաթիւրել Ղարաբաղեան պահանջատիրութեան բնոյթը, զայն հակախորհրդային այս կամ այն շարժումին հարկատու մէկ մասնիկը դարձնելու մտասեւեռումով:

Ներխորհրդային կամ նոյնիսկ ներհայկական հնարաւոր բացասական դերակատարութեան ուղղուած էր Դաշնակցութեան զգոնութեան միւս սլաքը, որ յանկարծ տարբեր սպառնալիքներ գործածելով, որեւէ կողմ չփորձէ ձեռնթափութեան մղէ պահանջատէր մեր ժողովուրդը, իբրեւ աւելի ահաւոր կորուստներու չենթարկուելու ջլատիչ յորդոր:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ընդգծուած ուղերձը միշտ եղած է այն, որ միակամ ու միաճակատ մնայ հայ ժողովուրդը՝ Ղարաբաղը Հայաստանին վերամիացնելու իր պահանջին մէջ:

Մէկ խօսքով, Դաշնակցութեան ուղին կարելի է բնորոշել քաղաքական արթնամիտ զգոնութեամբ, հայ ժողովուրդի միակամ կեցուածքով եւ պայքարի անկոտրում կամքի վճռականութեամբ:

Ի վերջոյ, վերակառուցման «հաւատացող» խորհրդային ղեկավարութիւնը ապացուցեց, որ ընդունակ չէ Ստալինեան անարդարութիւնը սրբագրել, բայց նաեւ ի վիճակի չէ կասեցնել հայ ժողովուրդի արդար պահանջատիրութիւնը: Այդ անընդունակութիւնը աւելի ակնյայտ կը դառնար Կոմունիստական Կուսակցութեան 19-րդ համաժողովին եւ Խ. Միութեան Գերագոյն Խորհուրդի նախագահութեան արտակարգ նիստին, որուն ի պատասխան, ՀՅԴ 24-րդ Ընդհանուր Ժողովի նախօրեակին, Օգոստոս 1988-ին, ՀՅԴ կազմակերպական շրջանները «բուռն կերպով կը բողոքեն Խորհրդային Միութեան Գերագոյն Խորհուրդի 18 Յուլիսի հիմնովին անարդար վճիռին դէմ, որ կը մերժէ ընթացք տալ Հայկական Արցախի, Խորհրդային Հայաստանի եւ Սփիւռքի համայն հայութեան օրինաւոր եւ միահամուռ պահանջին՝ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը անջատելու Խորհրդային Ատրպէյճանէն եւ վերամիացնելու Հայաստանին»: