Երգն Ընդդէմ «Քորոնա» Ժահրի. Հայաստանի Փոքրիկ Երգիչներու Նոր Հոլովակը

Uncategorized, Տեսադարան

Հայաստանի փոքրիկ երգիչները «քորոնա» ժահրի դէմ պայքարին միացած են «Երգէ՜, եւ COVID-ը կը հեռանայ» երգով, որուն հոլովակին կարելի է ծանօթանալ YouTube-ի պաշտօնական ալիքով:

Երգչախումբի Facebook-ի պաշտօնական էջէն կը տեղեկանանք, որ երգչախումբերու փորձերը արգիլուած ըլլալուն պատճառով՝ «Հայաստանի փոքրիկ երգիչներ» երգչախումբը մտայղացած է ձայնագրել «Պենտատոնիքս» խումբի յայտնի «Սինկ» երգը անհատապէս՝ յետագային մէկտեղելով հնչիւնային սարքաւորումներու միջոցով:

«Երգին բառերը փոխած են եւ զայն վերանուանած «Երգէ՛ եւ COVID-ը կը հեռանայ»՝ երգով միանալով COVID-ի դէմ պայքարին: Երգը տեսագրուած եւ կարգաւորուած է երեխաներու կողմէ»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:


SaveՀամօգտագործել