
Առցանց Շնորհանդէս՝ Նուիրուած Միքայէլ Նալբանդեանի Գրական Ժառանգութեան
Համացանցի վրայ, առաջին անգամ, պիտի ներկայացուի Միքայէլ Նալբանդեանի ամբողջական գրական ժառանգութիւնը: Շնորհանդէսը առցանց տեղի պիտի ունենայ Յուլիս 6-ին՝ ժամը 15:00-ին:
Շնորհանդէսին մասնակցիլ ուզողները կրնան միանալ այստեղ:
«Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի hայ մատենագրութեան թուանշանային գրադարան»-ը՝ ՀՀ ԿԳՄՄՆ-ի մշակութային դրամաշնորհային ծրագրերու «Գրականութեան հանրահռչակման ուղղուած նախագիծեր եւ ձեռնարկներ» անուանակարգով իրականացուող այս ծրագիրով կ՝ապահովէ գրող, հրապարակախօս, քննադատ, յեղափոխական Նալբանդեանի ամբողջ գրական ժառանգութեան մատչելիութիւնն ու հասանելիութիւնը համացանցով, ընթերցողը հաղորդակից կը դարձնէ անոր գրական հայացքներուն, կ՝ամբողջացնէ գրողի, քննադատի, հրապարակախօսի, յեղափոխականի անոր կերպարը։
Մ. Նալբանդեանի գրաւոր ժառանգութեան թուայնացումն ու առցանց հրապարակումը աննախադէպ է. առաջին անգամ Նալբանդեանի ամբողջական գրական ժառանգութիւնը համացանցով պիտի ներկայացուի կից հիմնարար նալբանդեանագիտական աշխատութիւններով:
▪️Չափածոյ եւ արձակ գեղարուեստական գործեր
▪️Գրական, հրապարակախօսական, քննադատական յօդուածներ, մատենախօսութիւններ, ուսումնասիրութիւններ
▪️«Յիշատակարան» (1859-1860)
▪️Հրապարակախօսական, գրաքննադատական եւ գիտական աշխատութիւններ
▪️Նամակներ եւ զանազան գրութիւններ
▪️Գրառումներ, նշումներ, նկատողութիւններ, քննիչ յանձնաժողովի նիւթեր եւ այլ վաւերագրեր
▪️Նալբանդեանագիտութիւն