Հայաստան Կը Բանակցի Պատուաստանիւթի Արտադրողներու Հետ

Հայաստան

ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան Յուլիս 2-ին տեղի ունեցած կառավարութեան նիստի ժամանակ ըսած է, որ Հայաստանը բանակցութիւններ կը վարէ «Քորոնա» ժահրի պատուաստանիւթի անմիջական արտադրողներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ:

Թորոսեան ըսած է, որ այսօր աշխարհի մէջ կայ «Քորոա» ժահրի դէմ 100-էն աւելի թեկնածու պատուաստանիւթներ, որոնցմէ 20-ը աւելի մեծ հաւանականութիւն ունին վերջնական արդիւնք դառնալու:

 Անոր խօսքով, ամենայն հաւանականութեամբ, պատուաստանիւթերը պիտի ըլլան քանի մը հատը: Ամենահաւանական թեկնածուներէն մէկը Moderna ընկերութեան ներկայացուցած mRNA-1273 պատուաստանիւթն է:

 «Մենք հիմա բանակցութիւններ կը վարենք թէ ուղիղ արտադրողներու հետ, թէ ԱՀԿ-ի, ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի, Պատուաստումներու եւ պատուաստանիւթերու համաշխարհային դաշինքի հետ, որոնք պիտի փորձեն հաւաքական գնումներ իրականացնել` մեծաթիւ երկիրներու համար: Տարբեր գնահատականներով` պատուաստանիւթերը երկիրներուն հասանելի պիտի ըլլան կամ 2020-ի վերջը, կամ 2021-ի սկիզբը»,- ըսած է Թորոսեան: