Հայաստանի Խորհրդարանը Կը Նշէ Հիմնադրութեան 100-ամեակը

Այլեւայլ, Հայաստան

Հայաստանի խորհրդարանը Սեպտեմբեր 20-ին կը նշէ հիմնադրման 100-ամեակը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, Սեպտեմբեր 20-ին, ժամը 18:00-ին, Ազգային ժողովին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի խորհրդարանի հիմնադրման 100-ամեակին նուիրուած յոբելեանական ձեռնարկ:

Ձեռնարկին մասնակցելու հրաւիրատոմսեր ուղարկուած են ՀՀ Գերագոյն խորհուրդի եւ ԱԺ բոլոր գումարումներու պատգամաւորներուն՝  շուրջ 600 մարդ:

Յոբելեանական ձեռնարկին պիտի ցուցադրուի Հայաստանի խորհրդարանի հիմնադրման 100-ամեակին նուիրուած տեսաֆիլմ, ուր ներկայացուած են խորհրդարանի ստեղծման եւ գործունէութեան պատմութիւնը: Հիւրերը պիտի այցելեն ՀՀ Ազգային ժողովի վարչական շէնքին մէջ տեղակայուած Ազգային ժողովի նորաբաց թանգարան, այնուհետեւ ներկայ պիտի գտնուին նիստերու դահլիճին կից սրահին մէջ կազմակերպուած լուսանկարչական ցուցահանդէսին:

1918-ի Մայիս 28-ին հռչակուած Հայաստանի առաջին հանրապետութեան խորհրդարանը գումարուեցաւ Օգոստոս 1-ին: Կազմուեցաւ կառավարութիւն` հիմնականօրէն դաշնակցականներէ: Վարչապետ նշանակուեցաւ Յովհաննէս Քաջազնունին: Պատմաքաղաքական բարդ ժամանակներու մէջ երկուքուկէս տարի գոյութիւն ունեցած Հայաստանի Հանրապետութիւնը խորհրդարանական սկզբունքով կառավարուող երկիր էր: Խորհրդարանը միապալատ էր, ունէր մշտական յանձնաժողովներ եւ աւագներու խորհուրդ: Հանրապետութեան կառավարութիւնը հաշուետու էր օրէնսդիր մարմնին` խորհրդարանին: Վերջինս իր գոյութեան ընթացքին հաստատած էր կառավարութեան չորս կազմ` վարչապետներ Յովհաննէս Քաջազնունիի, Ալեքսանդր Խատիսեանի, Համօ Օհանջանեանի եւ Սիմոն Վրացեանի գլխաւորութեամբ: Խուրհրդարանը ղեկավարած են Ա.Սահակեանը (01.08.1918-01.08.1919), Աւետիս Ահարոնեանը (01.08.1919-04.11.1920) եւ Յ. Քաջազնունին (04.11.1920-02.12.1920): Ժողովրդական սկզբունքներով կազմաւորուած խորհրդարանին մէջ կը գործէր չորս քաղաքական կուսակցութիւն` Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, Սոցիալ-Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը, Սոցիալ-Յեղափոխականները եւ Հայ Ժողովրդական կուսակցութիւնը, որոնք կը կազմէին խորհրդարանական խմբակցութիւնները: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կառավարող կուսակցութիւն էր, ունէր խորհրդարանական մեծամասնութիւն, իսկ միւսները ընդդիմադիր էին: Հայաստանի խորհրդարանը իր գոյութեան ընթացքին Հանրապետութեան ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ ընդունեց 1000-է աւելի օրէնքներ եւ օրէնքի ուժ ունեցող իրաւական փաստաթուղթեր: Ուշագրաւ են հայերէնը պետական լեզու հռչակելու, պետական համալսարան, դպրոցներ, գրադարաններ, թանգարաններ հիմնելու, գաղթականութեան, բանուորներու աշխատավարձերը, թոշակները աւելցնելու, ազատագրական կռիւներուն զոհուածներու երեխաներուն ուսուցումը կազմակերպելու, հայ գրողներուն, գիտնականներուն նիւթական օգնութիւն, արտասահմանի մէջ ուսանող երիտասարդութեան նպաստներ յատկացնելու եւ բազմաթիւ մեծ ու փոքր, սակայն էական խնդիրներու վերաբերեալ կատարուած օրէնսդրական քայլերը:1920-ի Նոյեմբեր 24-ին հրաժարական տուաւ Յ.Օհանջանեանի կառավարութիւնը: Նոյն օրը կազմուեցաւ դաշնակցական նոր կառավարութիւն` Ս.Վրացեանի ղեկավարութեամբ: Հայաստանի մէջ ՌՍՖՍՀ  լիազօր ներկայացուցիչ Բ.Լեգրանը Նոյեմբեր 30-ին դաշնակցական կառավարութեան առաջարկեց իշխանութիւնը խաղաղ յանձնել հեղկոմին: Կառավարութիւնը ընդունեց այդ առաջարկը, եւ 1920-ի Դեկտեմբեր 2-ին Երեւանի մէջ ՌՍՖՍՀ  եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ կնքուեցաւ համաձայնագիր, ըստ որուն` Հայաստանը յայտարարուեցաւ սոցիալիստական հանրապետութիւն: