Յունահռոմէական Ոճի Ըմբիշ Մալխաս Ամոյեան Աշխարհի Երիտասարդներու Ախոյեան
Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Հայաստանի հաւաքականի անդամ Մալխաս Ամոյեան դարձաւ աշխարհի երիտասարդական առաջնութեան ախոյեան:
Ըստ Armenpress.am-ի՝ Սլովաքիոյ Դրնաւա քաղաքին մէջ ընթացող յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի երիտասարդներու առաջնութեան 67 քկ քաշային Մալխաս Ամոյեան եզրափակիչին մրցեցաւ ուզպեքիստանի ներկայացուցիչ Մահմուտ Պախշիլոեւի հետ: Ամոյեան յաղթեց 10:0 հաշուով:
Նախօրէին աշխարհի առաջնութեան 55 քկ քաշային կարգի եզրափակիչին՝ Հայաստանի ներկայացուցիչ Տիգրան Մինասեան պարտուեցաւ եւ դարձաւ առաջնութեան արծաթէ մետալակիր:
Եզրափակիչին պարտուեցաւ նաեւ 130 քկ քաշային Դաւիթ Օվասաբեանը, որ 0:5 հաշուով զիջեցաւ մրցակիցին:
