Լիթուանիան Բժիշկներ եւ Փորձագէտներ Պիտի Ուղարկէ Հայաստան

Աշխարհ, Հայաստան

Լիթուանիա բժշական խումբ եւ փորձագէտներ պիտի ուղարկէ Հայաստան` «Քորոնա» համաճարակի դէմ պայքարին աջակցելու նպատակով:

Այդ մասին այսօր «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ տեղեկացուցած է Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարար Լինաս Լինքեաւիչուս:

«Լիթուանիան կը շարունակէ կանգնիլ մեր հայ բարեկամներու կողքին», – գրած է ան:

Յիշեցնենք, որ Մայիսին Լիթուանիոյ կառավարութիւնը բժշկական տարբեր պարագաներ ուղարկած էր Հայաստան: