Հայաստանի Մէջ Կը Ստեղծուի COVID-19-ի Գիտական Խորհուրդ

Հայաստան

Հայաստանի մէջ կը ստեղծուի COVID-19-ի գիտական ուսումնասիրութիւններու համակարգման գիտական խորհուրդ` գիտական ջանքերը միաւորելու եւ լուծումներ գտնելու համար:

COVID-19-ի գիտական ուսումնասիրութիւններու համակարգման գիտական խորհրդին մէջ ընդգրկուած են Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի (ԳԱԱ), Առողջապահութեան նախարարութեան «Հիւանդութիւններու եւ կանխարգելման ազգային կեդրոն»-ը եւ համալսարանական մասնագէտներ:

 ԳԱԱ-էն կը յայտնեն, որ խնդիրը քննարկուած է Յունիս 9-ին տեղի ունեցած Գիտութիւններու ակադեմիաներու միջազգային միութեան ժահրագիտութեան գիտական խորհուրդի հիմնադիր առցանց գիտաժողովի ընթացքին, որուն մասնակցած են Ռուսիոյ, Չինաստանի, Պելառուսիոյ, Հայաստանի, Վրաստանի, Ղրղզիստանի, Տաջիկստանի, Ուզպեքիստանի եւ Ուքրանիոյ ժահրագիտութեան, համաճարակաբանութեան, մանրէաբանութեան, ախտազերծութեան ոլորտներու յայտնի մասնագէտներ:

 «Կարեւոր է, որ մասնագէտները` ժահրաբանները, համաճարակաբանները, կը միաւորուին միջազգային եւ ազգային մակարդակով, եւ մենք արդէն կը տեսնենք խնդրի նկատմամբ գիտական կեդրոնացում»,- ըսած է ՀՀ ԳԱԱ Բնական գիտութիւններու բաժանմունքի ակադեմիկոս-քարտուղար Ռուբէն Յարութիւնեան: