
25 Միլիոն Տոլար Յատկացնել ՀՀ-ի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Տնտեսական Հետեւանքներու Վերացման. ANCA-ն Դիմած Է ԱՄՆ Կառավարութեան
ԱՄՆ Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակը դիմած է Ծերակոյտի օտարերկրեայ գործողութիւններու հարցերով յանձնաժողովի յատկացումներու ենթայանձնաժողովին՝ կոչ ընելով ընդլայնելու Ուաշինկթընի կողմէ Հայաստանին եւ Արցախին տրամադրուող օգնութեան չափը:
Տուեալ ազդեցիկ Ենթայանձնաժողովը կը կազմէ 2021-ի գանձային տարուան օտարերկրեայ օգնութեան վերաբերեալ օրինագիծին իր տարբերակը:
ANCA-ի՝ պետական գործերու գծով տնօրէն Թերեզա Երիմեան՝ դիմելով Ենթայանձնաժողովին, ընդգծած է այն կարեւոր դերակատարումը, որ Միացեալ Նահանգները կրնայ ունենալ Հայաստանի մէջ «քորոնաց ժահր համավարակի հետեւանքներու վերացման հարցով:
«Մենք Ենթայանձնաժողովի անդամներէն կը խնդրենք Վարչակազմը խրախուսելու՝ Հայաստանին տրամադրուելիք օգնութեան փաթեթին մէջ առնուազն քսանհինգ միլիոն տոլար ներառելու եւ այդպիսով օգնելու կառավարութեան յաղթահարելու «քորոնա» ժահրի ճգնաժամի առաջացուցած երկարաժամկէտ տնտեսական հետեւանքները»,- նշած է Երիմեան՝ յիշեցնելով Հայաստանի մէջ «քորոնա» ժահրի տարածման ահագնացող քայլերուն մասին:
Երիմեան, իր խօսքին մէջ, ընդգծած է նաեւ ԱՄՆ-ի կողմէն Արցախի մէջ «Հալօ Թրասթ» (Halo Trust) կազմակերպութեան ականազերծման աշխատանքներու ֆինանսաւորման կարեւորութիւնը:
«ԱՄՆ-ի՝ Արցախին օգնութեան ծրագիրը շատ փոքր ծախս է, սակայն ատիկա ԱՄՆ-ի կողմէ ահռելի ներդրում է խաղաղութեան հարցով»,- ընդգծած է Երիմեան:
Բացի այդ, ANCA-ն ԱՄՆ-էն խնդրած է Հայաստանի համար 90 միլիոն տոլար օգնութիւն՝ զուգահեռ մտահոգութիւն յայտնելով Ատրպէյճանին իբրեւ ռազմական օգնութիւն անհամեմատ աւելի մեծ գումար յատկացնելուն առնչութեամբ: Խօսքը Պաքուին հարիւր միլիոն տոլարանոց օգնութեան փաթեթին մասին է: Ըստ Երիմեանի՝ Ուաշինկթընը կա՛մ պէտք է դադրեցնէ Պաքուին ռազմական օգնութեան տրամադրումը, կամ ալ պէտք է հաւասարեցնէ Հայաստան եւ Ատրպէյճան ուղարկուող իւրաքանչիւր տոլարը:
Թարգմանութիւնը՝ ARTSAKHPRESS.AM-ի
Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը