
«Մեր Բոլորիս Ուխտավայր ՃԵՄԱՐԱՆին». Առցանց Նուիրահաւաք
Ամբողջ աշխարհի մէջ, 2019-2020 ուսումնական տարեշրջանին, «Քորոնա» ժահրը ծանր հարուած հասցուց կրթութեան մարզին. զանազան երկիրներու մէջ դպրոցները փակուեցան, եւ այս մէկը ժխտական ազդեցութիւն ունեցաւ աշխարհի աշակերտներուն մեծ մասին վրայ: Լիբանանի մէջ, համաճարակը եւ երկրին մէջ արդէն իսկ տիրող փոթորկալից քաղաքական եւ տնտեսական իրավիճակը միասնաբար ստեղծեցին աննախընթաց տագնապ մը կրթութեան մարզին համար: Հոկտեմբեր 2019էն սկսեալ դասարանային դասաւանդումը բազմաթիւ անգամներ ընդհատուեցաւ եւ Մարտ 2020էն ետք փոխարինուեցաւ առցանց հարթակներով: Այս իրավիճակին զուգահեռ` արագ աճող անգործութեան, սղաճի եւ լիբանանեան դրամանիշի արժեզրկման պատճառով, Ճեմարանի աշակերտները, ծնողները եւ անձնակազմը եւս ծանր կացութեան մատնուեցան:
Ճեմարանը, ինչպէս միշտ, յանձնառու է իր առաքելութեան եւ ներկայ պայմաններուն մէջ՝ ա՛լ աւելի յանձառու:
Նկատի ունենալով վերոնշեալները, ընթացք կ՛առնէ «Մեր բոլորիս ուխտավայր ՃԵՄԱՐԱՆին» առցանց նուիրահաւաքը՝ միասնաբար այս հանգրուանը շրջանցելու եւ արձագանգելու համաճարակին ժխտական հետեւանքներուն, ինչպէս նաեւ միաժամանակ ամրապնդելու դպրոցին երկարատեւ կայունութիւնը: Առ այդ, դրամահաւաքի երեք հիմնական ուղեգիծեր ճշդուած են.
- Սաներու Ֆոնտին եւ դպրոցի ընկերային ծառայութեան գրասենեակին անմիջական յաւելեալ եկամուտ ապահովել.
- Դպրոցին առցանց դասաւանդման կարողութիւնը զարգացնել` արդիականացնելով տեղեկատուական արհեստագիտութեան ենթակառոյցը եւ ձեռքբերելով համապատասխան համակարգչային ծրագիրներ.
- Դպրոցէն ներս անմիջական առողջապահութեան պայմանները բարելաւել.
Մենք կը դիմենք մեր շրջանաւարտներուն, բարեկամներուն եւ Ճեմարանի մեծ ընտանիքի անդամներուն՝ աջակցելու այս նախաձեռնութեան եւ արձագանգելու մեր կոչին:
Ձեր աջակցութիւնը պիտի նպաստէ` անմիջական այս տագնապը շրջանցելու, ինչպէս նաեւ դպրոցի հզօրացման եւ կայունացման:
Բոլորիս զօրակցութեամբ 90ամեայ Ճեմարանը տակաւին երկար տարիներ պիտի գոյատեւէ` կառչած մնալով հայեցի դաստիարակութիւն եւ բարձրորակ կրթութիւն ջամբելու իր առաքելութեան:
Նուիրահաւաքին մասնակցելու համար սեղմել հետեւեալ կապը՝ www.djemaran.edu.lb/donate
Շնորհակալութիւն:
Լաւագոյն մաղթանքներով՝
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
«Գրոհին դիմաց օտար ու ժանտ հովերուն.
Յաղթական բերդ, աւանդատուն հայկազեան»